2016-01-29 09:49:00

ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական այցելութիւնը Մեքսիքօ` պիտի սատարէ երկրի պատերու փլուզումին։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄեքսիքոյիԵկեղեցւոյ գնահատումով ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական այցելութիւնը Մեքսիքօ պիտի սատարէ պատերու փլուզումին ու քաջալերելու չքաւոր հասարակութիւնները անբաժան մէկ մասը դառնալու Մեքսիքոյի մեծ ընտանիք ին։

''ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը բնիկ հասարակութիւններու հետ նախատեսուած է 15 Փետրուարին San Cristóbal de las Casas-ի մէջ̦ '' կը կարդանք  Մեքսիքոյի եկեղեցւոյ հրատարակած հաղորդագիրի մը մէջ ուր կ՛ընդգծուի հանդիպումի ընթացքին նախապատուութիւն պիտի տրուի բնիկներուն որոնք յաճախ անտեսուած են։

Եպիսկոպոսները կը մատնանշեն որ ֆրանչիսկոս Պապը կու գայ բոլորին համար, առանց որեւէ խտրականութեան։ Իր ներկայութիւնը պիտի օգնէ մեզի`  հարուստներու ու աղքատներու միջեւ գոյացող բաժանումի պատնէշները խորտակել։

Եպիսկոպոսներու հաղորդագիրը կ՛ընդգծէ ապա որ San Cristóbal de las Casas թեմին մէջ կ՛ապրին երկրին ամենէն տնանկ ու լքուած անհատները։ Եպիսկոպոսները ճանչնալով հանդերձ  կառավարութեան ու գործարարներու  բերած նպաստը բարւոքելու համար բնակչութեան կեանքի պայմանները բաղձանք կը յայտնեն որ բնիկները իրենց տեղը ունենան ընկերութեան մէջ ու քաղաքական ու վարչական ինքնավարութիւն տրուի անոնց` մատակարարելու իրենց հողերը լաւագոյնս, պաշտպանելու համար իրենց կեանքն ու մշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.